600 հոգի վիրաւոր
Աննախադէպ բռնութեան դէպքեր տեղի ունեցան երէկ ալ Աթէնքի կեդրոնէն ներս, Սինտաղմայի հրապարակի շրջակայքին, երբ ոստիկանական ջոկատները «թոներով» կազեր արձակեցին համախմբուած ժողովուրդին դէմ:
Ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը պաշտպանել ուզող երիտասարդները եւ հաւաքներուն մասնակցող քաղաքացիները, ընդվզած՝ ոստիկանութեան ցուցաբերած բիրտ կեցուածքէն, խստօրէն դատապարտեցին յարձակման դէպքերը, որ նպատակ ունէին ցոյցերը խանգարել եւ ցրուել:
Ընդդիմութեան պատկանող կուսակցութիւնները խստօրէն դատապարտեցին պետական -մանաւանդ Քաղաքացիի Պաշտպանութեան նախարարութեան- շրջանակները, երէկուան դէպքերուն համար պատասխանատու նկատելով անոնց կեցուածքը:
Միջազգային մամլոյ սպասարկութիւնները լայն անդրադարձ ունեցան դէպքերուն մասին, մինչ Սպանիոյ մէջ բողոքի խաղաղ քայլարշաւ կազմակերպուեցաւ դէպի Մատրիտի յունական դեսպանատուն, առ ի զօրակցութիւն յոյն ժողովուրդին:
155 քուէ կեդրոնացուց կառավարութեան
տնտեսական օրինագիծը
Երէկ կէսօրին խորհրդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ կառավարութեան տնտեսական օրինագիծի քուէարկումը, որ 155 քուէ կեդրոնացուց: Կառավարական խմբակցութենէն «ոչ» քուէարկեց երեսփոխան Փանաեոթիս Քուրուպլիս, իսկ ընդդիմադիրներու ընդհանուր գիծէն անջատուելով՝ երեսփոխան Էլսա Փափատիմիթրիու «այո» քուէարկեց: CNN, BBC եւ Al Jazeera ուղիղ եթերով կը հեռասփռէին քուէարկութեան արդիւնքը, «Ռոյթըրզ» եւ «ԱՓ» լրատու գործակալութիւնները 48 ժամուայ շարունակական արձագանգ ունէին Աթէնքէն:
Նախապէս վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու խօսք առնելով խորհրդարանի բեմէն, կոչ ուղղած էր երեսփոխաններուն՝ թեր քուէարկել օրինագիծին, շանթաժի ենթարկելով իրենց որոշումը՝ «կամ թեր կը քուէարկէք, կամ կը կորսուինք» գաղափարը պարտադրելով:
Այսուհանդերձ, բոլորին ծանօթ է, -ինչպէս տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոս եւս ընդունեց-, թէ այլընտրանքային քայլեր կա՛ն:
Այսօր Հինգշաբթի օր խորհրդարանը դարձեալ հրաւիրուած է նոր քուէարկութիւն մը կատարելու, որ կը վերաբերի տնտեսական օրինագիծի գործադրութեան քայլերուն: Երեսփոխաններէն շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ օրինագիծով նախատեսուած քաղաքականութիւնը արդիւնք պիտի չբերէ: Համայնավար կուսակցութեան անդամները դէմ կանգնած են օրինագիծին, մինչ ԼԱՕՍ՝ հակառակութիւն յայտնած է եւրոպական եռեակի խիստ վերահսկողութեան դերին կապակցութեամբ: