«Ուժը ժողովուրդի ձեռքին մէջ է» յունարէն-անգլերէն երկլեզու լոզունգով պաստառներ բարձրացուցին Աքրոփոլիսի ժայռին վրայ, համայնավար կուսակցութեան աշխատաւորական սենտիքայի անդամներ, առանց խանգարելու զբօսաշրջիկներու մուտքը հնադարեայ վայրէն ներս: Մամուլին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ՓԱՄԷի անդամները դիտել կուտան, թէ խորհրդանշական այս քայլին դիմած են՝ հակառակութիւն յայտնելով տնտեսական ու հարկային նոր ծրագիրներուն: