Լարուած վիճակի մէջ բայց ըստ կանխատեսումի՝ երէկ գիշերուան ժամը 12էն ետք, հելլէն խորհրդարանէն ներս ամբողջացաւ կառավարութեան գործին հանդէպ վստահութեան քուէի անուանական քուէարկութիւնը:
Ժամը 01:00ին յայտնի դարձաւ արդիւնքը, ըստ որու 155 երեսփոխան թեր քուէարկեց, 143 դէմ, 298 երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի վրայ:
Նոյն պահուն, դուրսը, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, 29րդ օրն ըլլալով «վրդոված» քաղաքացիները համախմբուած էին եւ մեծ պաստառներու վրայ կը հետեւէին քուէարկութեան արդիւնքներուն, իրենց կարգին «անվստահութեան քուէ» տալով կառավարութեան կողմէ առաջ քշուող ծրագրին:
Խորհրդարանէն ներս լարուած կլիմայի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկան կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ղեկավարները: Քննադատական բուռն ոճ օգտագործուեցաւ փոխադարձաբար, իսկ «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան երեսփոխանները նիստէն մեկնեցան բողոքի իբրեւ արդիւնք, երբ կառավարութեան փոխ նախագահ Թոտորոս Փանկալոս յայտարարեց թէ «պետութեան կայացման օրէն ի վեր, 1981ին առաջին անգամն էր որ իրական ժողովրդավար կառավարութիւն ունեցանք»:
Փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ գրգռութիւններու խօսքերէ ետք՝ երեսփոխանները սրահ վերադարձան եւ շարունակուեցաւ օրակարգը:
«Վրդովածներ»ու
շրջափակումը
պիտի շարունակուի
29 օր եւ համաեւրոպական 4 կիրակնօրեայ հաւաքներու մասնակցելէ ետք՝ «Վրդովածներ»ը կը յայտարարեն թէ պիտի շարունակեն համախըմբումները, մինչեւ Յունիս վերջ, բուռն կերպով հակառակելով կիրարկուած քաղաքականութեան դէմ:
Աշխատաւորական համահելլէնական սենտիքան յայտարարած է թէ 48 ժամուան ընդլայնուած գործադուլ պիտի կազմակերպէ յառաջիկային: