48 ժամուան զանգուածային գործադուլով երկիրը կÿանդամալուծուի այսօր եւ վաղը, աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու կողմէ կազմակերպուած հաւաքներով եւ բողոքի ցոյցերով:

Առաւօտեան ժամը 11ին Օմոնիա եւ Արէոս հրապարակներուն վրայ սկսած հաւաքով եւ կէսօրէ ետք Աթէնքի Քլաթմոնոս եւ Սինտաղմա հրապարակներուն վրայ բողոքի ցոյցերով՝ քաղաքացիներու հակադրութիւնը ցոյց կը տրուի տնտեսական օրինագիծի որդեգրման դէմ: Փոխադրութեան միջոցները պիտի չգործեն երկու օրերուն ընթացքին, բացի մեթրօի գիծերէն: Հիւանդանոցներ, դեղատուներ, հանրային սպասարկութեան բոլոր հաստատութիւնները, դրամատուներ, քաղաքապետական պաշտօնեաներ, աղբահաւաքներ՝ բոլորը գործադուլին կը մասնակցին:
Պեղոպոնեզի տարբեր քաղաքներէ հանրակառքերով դէպի Աթէնք կը փոխադրուի ժողովուրդը, մասնակցելու համար Աթէնքի ցոյցերուն:
«Վրդովածներու» շարժումը իր կարգին, կոչ ուղղած է քաղաքացիներուն՝ համահելլէնական զանգուածային մասնակցութիւն բերելու ցոյցերուն «վճռորոշ այս պահուն մեր կեանքն ու ապագան մեր ձեռքը առնելու համար»: Ցոյցին նպատակն է խորհրդարանի շէնքի արքելափակումը, տնտեսական ծրագրի օրինագիծի քուէարկութեան պահուն: