- Details
- Category: Յունական լուրեր
Յունաստանի կառավարութիւնը խորապէս մտահոգուած է տեսնելով, թէ մէկ օր առաջ երկրի տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները բնաւ չեն բաւարարած Պրիւքսելը, այլ ընդհակառակը՝ յաւելեալ ճընշումներու առիթ տուած են, խորացնելով վերապահութեան մթնոլորտը Յունաստանի հանդէպ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Այսօր Հինգշաբթի, սկիզբ կառնէ երկրի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու կողմէ կազմակերպուած բողոքի արշաւը: Թաքսիներու վարորդները կը բանան գործադուլներու արշաւը, որ կը շարունակուի բժիկներու, պետական եւ օդանաւային հսկողութեան պաշտօնեաներու, ապա նաեւ ուսուցիչներու գործադուլով:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Անձկութեան, մտավախութեան, սրտնեղութեան անհամար օրերէ ետք, վերջապէս հրապարակուեցան Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու քննութիւններու արդիւնքները: Ահա՛ ուսանողներու աչքերուն առջեւ են անհամբերութեամբ սպասուած համալսարանական արդիւնքները եւ ընտանիքներ կը հրճուին տքնաջան աշխատանքէ ետք հասած արդար հատուցման համար։
Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն հրապարակուեցան արդիւնքները:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ երէկ գիշեր Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայի հետ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ տնտեսական ճգնաժամի զարգացումներու կապակցութեամբ: Վարչապետ Փափանտրէու մատնանշեց 21 Յուլիսի գագաթնաժողովի որոշումներու արագ գործադրման պահանջքը:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւնը կը նախատեսուի թէ պետական ապահովագրական IKA հաստատութեան ծախսերը պիտի հասնին 740 միլիոն եւրօ գումարի: Ինչպէս կը հաղորդէ հելլէն մամուլը, IKAի ղեկավար Եր. Վետուրիս պահանջք ներկայացուցած է պետական յաւելեալ յատկացման, դիտել տալով թէ անկարելի է այսպիսի գումարներով հակակշռել ծախսերը: