ԹՐԻՓՈԼԻ.- Լիպիոյ մէջ քաոս կը տիրէ, բանակի եւ զինեալներու միջեւ բուռն բախումներու հետեւանքով, որ 100 հոգիի կեանք խլեցին եւ 400 հոգիի վիրաւորման պատճառ դարձան: 

Գանատայի Բազմամշակութային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Ճէյսըն Քէնի, Միջին Արեւելք կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Յուլիս 28ին հանգրուանեց Լիբանան, ուր քաղաքական իր հանդիպումներու շարքին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին։ 

Երեւան «Արմէնփրէս».¬ Քաննի ու Պեռլինի միջազգային շարժանկարի փառատօներու գլխաւոր մրցանակներու դափնեկիր թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Ակինի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմը կը ցուցադրուի Օգոստոս 27-էն Սեպտեմբեր 6-ին կայանալիք Վենետիկի 71-րդ միջազգային կինոփառատօնին

Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2014-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը:

Արքեպիսկոպոս Նարեկ Ալեէմէզեան Կիպրահայոց Թեմի 
Կաթողիկոսական Փոխանորդ

Կիպրահայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Վարչական Ժողովը գրաւոր յայտարարութեամբ կը տեղեկացնէ հանրութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նշանակած է Արքեպիսկոպոս Նարեկ Ալեէմէզեանը, իբրեւ Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։