
Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում ունեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Զոհրամ Մնացականեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէնուհի Լալա Տէմիրճեան-Աթթարեան, ՄԱԿի մօտ ՀՕՄի աշխատանքները համակարգող Հուրի Կէօտէլէքեան, ՄԱԿի Յանձնախումբի ատենապետուհի Վալենթին Պէրպէրեան եւ ՄԱԿի անցագիր կրող Լինտա Թարզեան:
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը բարի գալուստ մաղթեց դեսպան Մնացականեանին, որմէ ետք առիթ եղաւ զանազան նիւթերու մասին կարծիքներու փոխանակման: Յատկապէս քննարկուեցան ՀՕՄի եւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ ներկայացուցչութեան միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւնները:
Դեսպան Մնացականեան տեղեակ ըլլալով ՀՕՄի գործունէութեան ու համահայկական ծրագիրներուն, բարձր գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան տարած աշխատանքը ՄԱԿի աշխատանքներու ծիրէն եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութենէն ներս: