Orer.eu կը հաղորդէ թէ Յուլիս 18-19ին Փրակայի մէջ կազմակերպուեցաւ միջազգային ֆոլքլորային խումբերու պարի եւ երաժշտութեան 5-րդ փառատօնը, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն ժամանած երեք պարային խումբեր՝ Երեւանէն «Ոսկէ աստղեր» եւ «Ինսայթ» պարային համոյթները եւ Գորիսի «Սիւնիք» մանկական պարային համոյթը։
Առաջին օրը Փրակայի Ազգային թատրոնի բացօթեայ տարածքէն ներս, ապա նաեւ Չեխիայի ֆիլհարմոնիայի՝ Ռուտոլֆինի համերգասրահի յարակից բացօթեայ բեմահարթակին վրայ 10 երկիրներէ ժամանած 20-է աւելի խումբերու ելոյթներու շարքին ելոյթ ունեցան նաեւ հայկական պարախումբերը, ծածանելով հայկական եռագոյնը։ Հայ պատանիները կատարեցին հայկական ժողովրդական ու ազգագրական պարեր։ Ընդունելութիւնը թէ՜ տեղացիներու, եւ թէ՜ զբօսաշրջիկներուն կողմէ շատ ջերմ էր։ Աւարտին հայկական բոլոր խումբերու ղեկավարները՝ Ռուդիկ եւ Արման Ղուկասեանները, Էդգար Յովհանիսեանը եւ Վահէ Մելքումեանը պարգեւատրուեցան փառատօնի «Արթ ֆեստիվալ Պրահա 2014» տիփլոմներով եւ յուշանուէրներով: