Ըստ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսական կեդրոնի կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն՝ ռուսերուն 24 առ հարիւրը Լեռնային Ղարաբաղը կը նկատէ անկախ պետութիւն:

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 16 եւ Կիրակի 17 Օգոստոսին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Ղեկավարներու Պատրաստութեան Բ. Խորհրդաժողովը՝ «Հարաւային Ամերիկայի մէջ հայ ինքնութիւնը 21րդ դարուն» ընդհանուր խորագրով։

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ գիշեր յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադար գոյացած է: Համաձայնութիւնը ուժի մէջ մտաւ գիշերուան ժամը 7:00-ին, Կազայի ու Այսրյորդանանի մէջ անմիջապէս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ եւ պաղեստինցիք յայտնեցին, որ յաղթանակ արձանագրած են:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարք հանդէս եկած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի աճող բռնարարքները դատապարտող յայտարարութեամբ:

ՊԵՐԼԻՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ ՄԱԿը սկսաւ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հիւսիսային Իրաք, Գերմանիա եւ Իտալիա յայտարարեցին, որ որոշած են զինել Իրաքի քիւրտերը՝ հետեւելով Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի օրինակին։