Արքեպիսկոպոս Նարեկ Ալեէմէզեան Կիպրահայոց Թեմի 
Կաթողիկոսական Փոխանորդ

Կիպրահայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Վարչական Ժողովը գրաւոր յայտարարութեամբ կը տեղեկացնէ հանրութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նշանակած է Արքեպիսկոպոս Նարեկ Ալեէմէզեանը, իբրեւ Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։

Նարեկ Արքեպիսկոպոս պիտի սկսի վարել իր նոր պաշտօնը Սեպտեմբեր 2014-էն սկսեալ։
Վարչական Ժողովը, իր յայտարարութեան մէջ յաջողութիւն կը մաղթէ Սրբազան Հօր, իր ստանձնած պարտականութիւններուն վերաբերեալ եւ կը յայտնէ թէ անհամբեր կը սպասէ իրեն բարի գալուստ մաղթելու, Նիկոսիոյ իր նոր բնակավայրէն ներս։
Նարեկ Սրբազան ծնած է Պէյրութ, 1962-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ։ Ապա՝ մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրէվանք, ուր վարած է հսկիչի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու դասաւանդած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճին մէջ։
Եղած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գաւազանակիրը։
Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Վանգուվըրի մէջ եւ որպէս հովիւ, ծառայած է տեղւոյն համայնքին։
Իր հովուապետական ծառայութիւնը շարունակած է Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Նարեկ Սրբազան վարած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Յարաբերութիւններու Վարիչի պաշտօնը։
2002-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, իսկ 2010-ին ստացած է արքութեան պատիւ։ 2011-ին ստացած է տոթքորայի տիտղոս British Columbia համալսարանի Աստուածաբանական Դպրոցէն։ Ան հեղինակ է Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին ու վարդապետութեան նուիրուած հատորներու եւ յօդուածներու։

---------------------------

ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան Միութեան
Անդամները Մեկնեցան Հայաստան

ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան անդամ 23 պատանիներ եւ 6 վարիչներ Թորոնթոյէն մեկնեցան Հայաստան՝ երկու շաբաթներու վրայ երկարող իրենց տարեկան շրջապտոյտը կատարելու:
Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ երեք օր պիտի անցընեն Արցախի մէջ: Յայտնենք, որ ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութիւնը կը գործէ 1956-էն ի վեր: Միութիւնը մասնաճիւղեր ունի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Քեմպրիճի, Համիլթընի, Ս. Քաթրինզի եւ Վանգուվըրի մէջ:

------------------------

«ՋԱՒԱԽՔԻ ՃԱՄԲԱՐ 2014» ԾՐԱԳՐԻ ՓԱԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ՄԷՋ

«Ախալցխա-նէթ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Յուլիս 19-ին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնի բակին մէջ հանդիսաւոր կերպով փակուեցաւ «Ջաւախքի ճամբար 2014» ամառնային ծրագիրը: Ծրագրի փակման արարողութիւնը սկսաւ ՀՀ պետական օրհներգով:
Միջոցառման ընթացքին շուրջ 100 երիտասարդներ ու պատանիներ իրենց հարազատներուն ներկայացուցին այն ամէնը, ինչ որ սորվեցան 10 օրերու ընթացքին «Ջաւախքի ճամբար» ծրագրի ծիրէն ներս:
Պատանիներն ու երիտասարդները միասին երգեցին շարք մը հայրենասիրական երգեր, պարեցին հայկական պարեր եւ հաւաքուած ժողովուրդին ցուցադրեցին մի քանի թատերական ներկայացումներ:
Միջոցառման աւարտին ճամբարի մասնակիցները նուէրներ բաժանեցին իրենց խմբապետերուն, որոնք ծրագրի իրականացման համար ժամանած էին ԱՄՆ-էն, Ուրուգուայէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն:
Յուլիս 10-էն՝ Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 10-օրեայ «Ջաւախքի ճամբար 2014» ամառնային ծրագիրը, որը տեղի ունեցաւ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ արդէն երրորդ տարին:
Տուեալ ծրագիրը կþիրականանայ Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր օժանդակութիւններով: