27 Օգոստոս 2014ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը:

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող այսօրուան (Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27) որոշումը վճռական եւ պատմական քայլ մըն է Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող նահանգին կողմէ։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ռաուլ Խաճիմպային, Աբխազիոյ Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծին վրայ երկար անցք մը՝ հազարաւոր եւրոպացիներու համար դարպաս կը հանդիսանայ, Եւրոպայի սրտէն «դէպի ճիհատ» ուղղուելու համար: Իսլամ ծայրայեղականներ Եւրոպայէն գալով այս անցքը կը գործածեն ու «անհաւատներու» դէմ պատերազմին իրենց բաժինը կը բերեն: 

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ինչպէս միշտ, հին Հալէպի շրջանը բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է: