Երէկ, 31 Յուլիսին, ժամը 7ին Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումին, որուն նշանաբանն է՝ «Արագածէն Արարատ, տէրն ենք մեր Դատին»: Աբովեան եւ Թումանեան փողոցներով դէպի Հանրապետութեան հրապարակ տողանցեցին 17 երկիրներէ

Կիրակի 27 Յուլիս 2014¬ը, Ատրպատականի հայութեան համար եղաւ կրկնակի իմաստով տօնական օր, երբ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առիթով քահանայական իր անդրանիկ ս. պատարագը մատուցեց Թաւրիզի նորաօծ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Առաքել քհնյ.

ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին մտադիր է այցելելու Հայաստան՝ քննարկելու համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Հայ Օգնութեան Միութեան միջազգային Չորորդ Նաւապըտոյտը տեղի ունեցաւ Յուլիս 3-15, 2014, մասնակցութեամբ աւելի քան 230 ՀՕՄ-ականներու եւ համակիրներու:

Օրերս Ջաւախքի մէջ տեղի ունեցաւ միջոցառում-մրցանակաբաշխութիւն: ՎՀՕՄ-ը հայոց պատմութեան եւ ստեղծագործական շարադրութեան մրցոյթներ կազմակերպած էր, որոնց մասնակցեցան Ջաւախքի չորս շրջաններու աշակերտներ: Մրցոյթներու արդիւնքները ամփոփուեցան այդ միջոցառման ընթացքին։