Քանի մը օրեր առաջ Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ Սրբազանը մանրամասնօրէն զեկուցեց Վեհափառին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի, Լաթաքիոյ ու Քէսապի մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին:
Ան նաեւ տեղեակ պահեց Վեհափառը՝ հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ կատար-ւած աշխատանքներուն մասին:
Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց պատասխանատու մարմիններուն կատարած աշխատանքները, մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ անոր կարիքներուն օգտակար ըլլալու իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը:
Կիրակի, 27 Յուլիսին, Շահան Սրբազան պիտի կատարէ Գարատուրանի (Քէսապ) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին վերաօծումը: