Կիրակի, 20 Յուլիս 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն Օրդ. Հուրի Ազէզեանը (Հալէպ) եւ Տիար Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա):

Անցեալ Կիրակի, 20 Յուլիսին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, որ Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ քահանայից դասին, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ ծրագրուած յարձակում մը կատարուած է, խումբ մը մարդոց կողմէ:

Կազայի մէջ սպաննուած մարդոց թիւը անցաւ 500ը, վերջին օրերուն ընթացքին հետզհետէ աւելի սաստկացող իսրայէլեան ռմբակոծումներու պատճառով:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիւրընկալութեամբ, Հայ Դատի Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած է սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը։

Գիրքին զոյգ հրատարակութիւններուն խմբագրութիւնը
ստանձնած է Յարութիւն Քիւրքճեան

«Թէհլիրեան. Արդարահատոյցը» գիրքը 1981-ին հրատարակուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ, իսկ այսօր կը վերահրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ: