ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ մէջ հաստատուած է կառավարութեան նոր կազմը: Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրուած է արդէն Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպայի կողմէ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Թեմական Խորհուրդի պատուիրակութեան ու հիւրընկալութեան յանձնախումբին՝ այցելեց Իրանի Սարի կոչուող շրջանը:

Ֆրանսայի Համահայկական հիմնադրամի աշխատանքով եւ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ կազմակերպուող տարեկան Թելեթոնի կազմակերպումէն առաջ, Հայաստան այցելեց աշխարհահռչակ մոտել, հաղորդավարուհի ու Կարմիր խաչի դեսպան Ատրիանա Սքլենարիքովա-Քարեմպէ:

Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին մօտ կանգ­նած քա­ջա­տե­ղեակ աղ­բիւր­նե­ր յայտ­նե­ցին, որ ­Քոնկ­րե­սի եւ հայ հա­մայն­քի եր­կար ա­միս­նե­րու ճնշում­նե­րու որ­պէս ար­դիւնք, Ս­պի­տակ ­Տու­նը վեր­ջա­պէս ո­րո­շած է ցու­ցադ­րու­թեան դնել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու գոր­գը: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Հայ ­Դա­տի ԱՄՆ յանձ­նա­խում­բը:

­

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ­Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ 2014 թո­ւա­կա­նի տօ­նա­ցոյ­ցով, ­Հոկ­տեմ­բեր 11-ը ­Սուրբ վար­դա­պետ-թարգ­մա­նիչ­նե­րու եւ ա­նոնց ա­շա­կերտ­նե­րու յի­շա­տա­կին  օրն է: Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան այս տօ­նը վի­րա­հա­յոց թե­մին մէջ նշո­ւե­ցաւ տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով: