Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին մօտ կանգ­նած քա­ջա­տե­ղեակ աղ­բիւր­նե­ր յայտ­նե­ցին, որ ­Քոնկ­րե­սի եւ հայ հա­մայն­քի եր­կար ա­միս­նե­րու ճնշում­նե­րու որ­պէս ար­դիւնք, Ս­պի­տակ ­Տու­նը վեր­ջա­պէս ո­րո­շած է ցու­ցադ­րու­թեան դնել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու գոր­գը: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Հայ ­Դա­տի ԱՄՆ յանձ­նա­խում­բը:

«­­Նա­խա­գա­հը յստակ ո­րո­շում ու­նի կա­յաց­նե­լու: Ե­թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րու գոր­գը հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ցու­ցադ­րե­լու մա­սին նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի ո­րո­շու­մը ի­րա­կան ա­ռա­ջըն­թաց կը խորհր­դան­շէ, ա­պա ան այ­սու­հե­տեւ պարզ եւ ա­զա­տօ­րէն կը խօ­սի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան` այն ա­հա­սար­սուռ, բայց դեռ ան­պա­տիժ մնա­ցած յան­ցա­գոր­ծու­թեան մա­սին, ո­րու հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւե­ցաւ այն (գոր­գը)»,-  յայ­տա­րա­րեց ­Հայ ­Դա­տի ԱՄՆ յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեա­նը:

Ան միա­ժա­մա­նակ նկա­տել տո­ւաւ, որ ե­թէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, ԱՄՆ նա­խա­գա­հի ո­րո­շու­մը ա­մե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դին տո­ւած խոս­տու­մէն խու­սա­փե­լու հեր­թա­կան ժեստն է, ա­պա ան­մի­ջա­պէս պարզ պի­տի դառ­նայ Օ­պա­մա­յի հե­տա­գայ գոր­ծե­լա­կեր­պին ընդ­մէ­ջէն: