- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հայաստանի մէջ նախանցեալ օր սկսան Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Հարաւային զինուորական շրջանի ռազմակայանի լայնածաւալ մարտավարական ռազմափորձերը' ռազմակայանի ամբողջ կազմի ներգրաւումով, միաւորման հրամանատար գնդապետ Անտրէյ Ռուզինսքիի հրամանատարութեամբ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Մարսիլիոյ եւ շրջանի «Լա Փրովանս» թերթը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 11ի իր թիւին մէջ կ'անդրադառնայ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պատրաստութիւններուն:
Գրութիւնը կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. ժխտողականութեան այնքա՜ն երկար դար մը» խորագիրը:
Թերթը կը նշէ, թէ Մարսիլիոյ շրջանին մէջ կÿապրի շուրջ 80.000 հաշուող հայութիւն մը, որ տեղւոյն ընդհ. բնակչութեան շուրջ 10%ը կը ներկայացնէ. կ’ըսէ թէ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմէզեան եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան այցելութիւն մը տուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Խմբագրական յատուկ մարմնի մը վստահուած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեան տակ, լոյս տեսաւ 40 էջերէ բաղկացեալ, օֆսէթ տպագրութեամբ, պատկերազարդ, գունաւոր կողքով եւ ճոխ բովանդակութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթի նոր թիւը։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ՊԱՐԷՏ ՄԱՐՈՆԵԱՆԻ «1915-Ի ԿԻՆԵՐԸ»
Արդէն դարձած է հանրայայտ անուն մը հայ սփիւռքի տարածքին, իր կատարած խիստ կարեւոր աշխատանքով. վաւերագրական սեսաերիզներով ցոյց տալու հայկական ողբերգութիւնը՝ տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը։