Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Լարիճանիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորները եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները:

Հոկտեմբեր 29-ին Շուէտի մէջ, երկրի խորհրդարանի` Ռիկստակի նորընտիր խօսնակ Ուրպան Ահլին ընդունեց Շուէտի մէջ պաշտօնավարող ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը։

ՆԱԹՕ-ն կը յայտնէ, որ ռուսական ռազմական օդանաւերու անսովոր աշխուժութիւն նկատած է Եւրոպայի օդային տարածքին՝ շատ մօտ Եւրոպական Միութեան սահմաններուն:

Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Սուրիոյ մարմինը կը հաղորդէ թէ տակառներու մէջ պատրաստուած ինքնաշխատ ռումբերու պայթումին պատճառով՝ աւելի քան 10 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են, Սուրիոյ մէջ գաղթականներու ճամբարի մը մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման՝ ատիկա դրական քայլ նկատելով: Այդ մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ: