ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ մէջ հաստատուած է կառավարութեան նոր կազմը: Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրուած է արդէն Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպայի կողմէ:

Ըստ հաղորդուած լուրե-րուն՝ նոր կառավարութեան կազմին մէջ այսուհետեւ պիտի ըլլայ երեք փոխ վարչապետ:
Սուխումի հայ համայնքի ղեկավար Սուրէն Կերսելեան նշանակուած է երկրորդ փոխ վարչապետ եւ պիտի գլխաւորէ նաեւ աշխատանքի ու ընկերային ապահովութեան նախարարութիւնը:
Առաջին փոխ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է Շամիլ Ածինպա, իսկ երրորդ փոխ վարչապետի պաշտօնին վրայ նշանակուած է Վիքթոր Խիլչեւսքի, որ միաժամանակ պիտի ըլլայ ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան նախարար: