­

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ­Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ 2014 թո­ւա­կա­նի տօ­նա­ցոյ­ցով, ­Հոկ­տեմ­բեր 11-ը ­Սուրբ վար­դա­պետ-թարգ­մա­նիչ­նե­րու եւ ա­նոնց ա­շա­կերտ­նե­րու յի­շա­տա­կին  օրն է: Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան այս տօ­նը վի­րա­հա­յոց թե­մին մէջ նշո­ւե­ցաւ տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով:

­Թիֆ­լի­սի ­Սուրբ Էջ­միա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ՝ նո­ւի­րո­ւած ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին: ­Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ունկն­դի­րը դար­ձան ­Պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նա­յի՝ Ա­խալց­խա­յի ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ա­ւագ քա­հա­նայ ­Տէր Ե­ղի­շէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի՝ օ­րո­ւայ խոր­հուր­դի մա­սին ը­սո­ւած քա­րո­զին, ո­րու ժա­մա­նակ ար­ժե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի, ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի եւ ա­նոնց ա­շա­կերտ­նե­րու դե­րը հա­յոց գի­րե­րու ստեղծ­ման, ազ­գի պահ­պա­նու­թեան եւ հա­ւատ­քի խո­րաց­ման գոր­ծով:

Այ­նու­հե­տեւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ­Վի­րա­հա­յոց թե­մի «­Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պեն­կեան սրա­հին մէջ: ­Կեդ­րո­նի սկզբնա­ւոր­ման օ­րէն գոր­ծող «­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի» պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ մե­նա­հա­մեր­գով, ո­րը նո­ւի­րո­ւած էր ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին եւ երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման եր­րորդ տա­րե­դար­ձին:
Երգ­չա­խում­բի կա­տար­մամբ հնչե­ցին դա­սա­կան, ժո­ղովր­դա­կան եւ էստ­րա­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան նմուշ­ներ, հայ եւ վրա­ցի ե­րա­ժիշտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Երգ­չա­խում­բը իր գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում­նե­րով բազ­միցս մաս­նակ­ցած է ինչ­պէս ­Թիֆ­լի­սի մէջ, այն­պէս ալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Իմ ­Հա­յաս­տան» եւ «­Վար­դա­պետ ­Կո­մի­տաս» փա­ռա­տօ­նե­րուն եւ ար­ժա­նա­ցաւ պա­տո­ւոյ գի­րե­րու ու մե­տալ­նե­րու: ­Հա­մեր­գէն ետք ե­լոյթ ու­նե­ցող բա­նա­խօս­նե­րը ներ­կա­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­Թարգ­ման­չաց տօ­նի, իսկ պա­տա­նի­նե­րուն՝ 3-րդ ­տա­րե­դար­ձի առ­թիւ:
­Թարգ­ման­չաց տօ­նը  նշո­ւե­ցաւ ­Վի­րա­հա­յոց թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, Ա­խալ­քա­լա­քի, ­Նի­նոծ­մին­դա­յի, Ա­խալց­խա­յի, ­Ծալ­կա­յի, ­Թեթ­րիծ­ղա­րո­յի, ­Մառ­նեու­լի եւ ­Պա­թու­մի հա­յոց ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ: