Մարսիլիոյ եւ շրջանի «Լա Փրովանս» թերթը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 11ի իր թիւին մէջ կ'անդրադառնայ 2015ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պատրաստութիւններուն:
Գրութիւնը կը կրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. ժխտողականութեան այնքա՜ն երկար դար մը» խորագիրը:
Թերթը  կը նշէ, թէ Մարսիլիոյ շրջանին մէջ կÿապրի շուրջ 80.000 հաշուող հայութիւն մը, որ տեղւոյն ընդհ. բնակչութեան շուրջ 10%ը կը ներկայացնէ. կ’ըսէ թէ «Թրքական պետութեան կողմէ 1915ին իրենց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ խոր վէրք մը մնալ իւրաքանչիւր Հայու մէջ»: Ապա, կը գրէ, թէ Սփիւռքահայութիւնը կարեւոր երկու նպատակ ունի այս հարիւրամեակին առթիւ՝ Թուրքիայէն ձեռք ձգել Ցեղասպանութեան ճանաչումը, բայց նաեւ համոզել կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երկիրներ, որպէսզի ընդունին Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքներ:
Կը նշուի նաեւ այս առթիւ հայկական  համայնքէն ներս միասնութեան ուղղութեամբ մղուած ջանքերը, համախմբելով կրօնական, քաղաքական եւ ընկերակցական բոլոր տարրերը:
Նոյն օրը «Լա Մարսէյէզ» թերթն ալ կ’անդրադառնար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումներու ծրագրին ու ոգեկոչելով հարաւային CCAF-ի նախագահներէն Սիմոն Ազիլազեանի խօսքը, կը գրէր, թէ «2015ը պիտի չըլլայ միայն ոգեկոչումներու տարի, այլ նաեւ պայքարի տարի մը»: