Հա­յաս­տա­նի մէջ նա­խան­ցեալ օր սկսան Ռու­սիոյ զի­նեալ ու­ժե­րու Հա­րա­ւա­յին զինո­ւո­րա­կան շրջա­նի ռազ­մա­կա­յա­նի լայ­նա­ծա­ւալ մար­տա­վա­րա­կան ռազ­մա­փոր­ձե­րը' ռազ­մա­կա­յա­նի ամ­բողջ կազ­մի ներգ­րա­ւու­մով, միա­ւոր­ման հրա­մա­նա­տար գնդա­պետ Անտ­րէյ  Ռու­զինս­քիի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ:

Հա­րա­ւա­յին զի­նո­ւո­րա­կան շրջա­նի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ռազ­մա­փոր­ձե­րը տե­ղի կ՛ու­նե­նան բարձր լեռ­նա­յին Կամ­խուդ եւ Ա­լա­գեազ ու­սում­նա­վար­ժա­կան հա­մա­լիր­նե­րուն մէջ եւ քա­նի մը փու­լով պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին մին­չեւ 19 հոկ­տեմ­բեր:
Ա­ռա­ջին փու­լին միա­ւոր­ման բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան բե­րո­ւած են եւ 30 քի­լո­մեթր­նոց երթ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են դէ­պի կեդ­րո­նաց­ման շրջան:
­Կա­տա­րո­ւող ռազ­մա­փոր­ձե­րուն ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով շուրջ 3 000 զի­նո­ւոր­ներ եւ 500 միա­ւոր ռազ­մա­կան ու յա­տուկ ռազ­մա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու կազ­մին մէջ միա­ժա­մա­նակ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն 30, 50 եւ 100 քի­լո­մեթր­նոց եր­թեր, ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: Բա­ցի ան­կէ, 17 հոկ­տեմ­բե­րին ա­նոնք Ա­լա­գեազ փոր­ձա­դաշ­տին մէջ «­Միկ-29» չոր­րորդ սե­րուն­դի ար­դիա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ներ­քեւ ի­րա­կա­նացուեցան բո­լոր զի­նա­տե­սակ­նե­րէն մար­տա­կան հրաձ­գու­թիւն' պայ­մա­նա­կան հա­կա­ռա­կոր­դին ուղ­ղու­թեամբ:

Եր­կու եր­թու­ղի­նե­րով զի­նո­ւո­րա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան տե­ղա­շար­ժին հե­տե­ւած է ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րու ստո­րա­բա­ժա­նու­մը «­Նա­ւոտ­չիք-2» նոր հա­մա­լի­րի «­Զաս­թա­վայ», «­Լե­յեր» եւ «Կ­րա­նատ» ար­դիա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան կի­րար­կու­մով: