Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Թեմական Խորհուրդի պատուիրակութեան ու հիւրընկալութեան յանձնախումբին՝ այցելեց Իրանի Սարի կոչուող շրջանը:

Քաղաքի մուտքին, համայնքի պատասխանատուները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը եւ ապա միասնաբար ուղղուեցան համայնքի հաւաքավայրը հանդիսացող դահլիճը: Այնտեղ, հերթաբար խօսք առին գաղութի պատասխանատու մարմինի ատենապետն ու Առաջնորդ Սրբազանը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց Սարիի փոքրաթիւ գաղութի կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու հայկական արժէքներուն:

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Կորկան քաղաքը, ուր անգամ մը եւս քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք նոյն երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեցին Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերացող հոգեւոր ու աշխարհական հիւրերը:
Ապա, անցնող շաբաթավերջին, Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ թեմի կանանց բոլոր միութիւններուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութեան, զորս կը նպաստէ ընկերութեան կեանքի համերաշխութեան, զարգացման ու բարգաւաճման: Ապա, Նորին Սրբութիւնը 2013 տարին «Հայ Կնոջ Տարի» իր հռչակումէն մեկնելով, անգամ մը եւս շեշտեց հայ կնոջ առանցքային դերը մշակութային, հոգեւոր, ազգային, կրօնական ու քաղաքական բնագաւառներէն ներս: Այս մասին կը յայտնէ Կաթողիկոսարանի մամլոյ ծառայութիւնը։
Հանդիպումէն ետք կանանց միութիւնները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը:Նոյն օրը կէսօրին, Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Միջ-կրօնական ու Մշակութային Յարաբերութեանց Կեդրոնի տնօրէնին ու անոր հինգ օգնականներուն հետ: Անոնք բարի գալուստ մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին Իրան կատարած այցելութեան առիթով եւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ, 15 տարի առաջ սկսած եւ շարունակուող, երկխօսութեան համար: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընկերութիւնը յուզող տագնապներն ու մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հրամայականը:Դէպի Նոր Ջուղայ ուղեւորութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, այցելեցին Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան հիմնադիրին՝ Այաթոլլահ Խումէյնիի դամբարանը, ուր իրենց յարգանքը մատուցելով ծաղկեպսակ զետեղեցին: