Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ վաղը քննարկուլիք Հայկական Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծի նախօրէին՝ Վոլքան Պօզքըրի գլխաւորած Թուրքիոյ Խորհրդարանական պարուիրակութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները իրենց տեսակցութիւնները աւարտեցին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սոն Տաքիքա» թրքական կայքը:
Թուրք պատուիրակութիւնը տեսակցութիւններ ունեցաւ օրինագիծին դէմ եղող ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէի եւ խորհրդարանի նախագահ Պեռնար Ասոյէի հիտ: Լրատուամիջոցներուն համար փակ տեսակցութիւններուն՝ թուրք պատուիրակութիւնը նախագիծին նկատմամբ շեշտեց Թուրքիոյ մտավախութիւններն ու յստակ դիրքորոշումը: