Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դասէր հրէական Հոլոքոստի շարքին

Չեխիայի առաջին նախագահ Վացլաւ  Հաւելի մահուան առիթով սուգ յայտարարուած է երկրէն ներս:
Չեխիոյ նախկին նախագահը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դասէր հրէական Հոլոքոստի շարքին: Ան կը հաւատար թէ  իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է կարողանայ առերեսուիլ իր պատմութեան հետ:

Փրակայի մէջ  լոյս տեսնող հայկական «Օրեր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը անդրադառնալով մեծ քաղաքագէտի մասին դիտել կուտայ թէ «Հաւելը կողմ էր ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Չեխիայի մէջ քաղաքացիները խոր վշտով եւ ծաղիկներով ու մոմերով ժամանում են Փրակայի  կեդրոնական հրապարակ, որտեղից Հաւելը տիրող կարգերի  նկատմամբ այլախոհութեամբ 1980-ականների վերջում՝ 90-ականների սկզբում բարձրաձայնում էր ազատութեան ու ժողովրդավարութեան մասին»,- դիտել կուտայ Յակոբ Ասատրեանը:
Ըստ իր խօսքերուն՝ Հաւելը չեխերու  շրջանակներէն ներս կ'ընկալուէր որպէս մեծ հեղինակութիւն ունեցող առաջնորդ: Հաւելը կը  համարուի  20-րդ դարու մեծագոյն չեխ անձնաւորութիւններէն  մէկը, որ մեծ միջազգային հեղինակութիւն բերաւ իր երկրին ու ժողովուրդին եւ պայքարեցաւ, որպէսզի Չեխիան իր ուրոյն տեղը գտնէ ժողովրդավար Եւրոպայի մէջ:
Վացլաւ Հաւելը 75 տարեկան էր: Ան իր մահկանացուն կնքեց Դեկտեմբերի 18-ին, ծանր ու երկարատեւ  հիւանդութենէ յետոյ: Որպէս նախագահ՝ Հաւելի կառավարման շրջանը կը  բնութագրուի որպէս  ազատ շուկայական տնտեսութեան եւ ժողովրդավարական կայացման շրջան: Ան որպէս այլախոհ տրամատուրկ, համաշխարհային հռչակի արժանա- ցած էր, եւ մեծ համբաւ ունեցած էր յատկապէս 1970-ական թուականներուն: