Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ լոպիինկ կատարելու համար Փարիզ մեկնած թրքական գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն մերժած են ընդհանուր ժողովի համար սրահ տրամադրել:

Թուրքիոյ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութիւնը եւ Թուրքիոյ պալատներու եւ սակարաններու միութիւնը օրեր առաջ երկու հարիւր հոգինոց խորհրդաժողով կատարելու համար վարձած էին Փարիզի «Լը Կրան» պանդոկի սրահը: Սակայն պանդոկի տնօրէնութիւնը վերջին պահուն չեղեալ յայտարարած է թէ՛ պանդոկի սենեակներուն, թէ՛ սրահին ամրագրումը՝ նշելով, որ անոնք գրաւուած են: