- Ֆիքսի եւ Փանիոնիոսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկներն ու սկաուտները, Նոր Տարուան առթիւ հաւաքոյթ մը կազմակերպած էին, Յունուար 23ին, Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ։ Այս առթիւ, Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը նուիրած էր ընտիր կարկանդակ մը։ Ներկայ էին՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան եւ աւագ սկաուտ խմբապետ՝ եղբ. Լ. Գայեան։ Ֆիքսի

- Գոնկրէսի կուսակցութիւնը, 355 քուէով Հնդկաստանի վարչապետ ընտրեց տիկին Ինտիրա Կանտին։ Իր մրցակիը՝ պրն. Մորաճի Տեսայի ստացաւ 169 քուէ։ Հնդկական Սահմանադրութեան համաձայն, Հանրապետութեան նախագահ պրն. Ռատաքրիշնա տիկին Կանտին իր մօտ պիտի հրաւիրէ եւ անոր պիտի յանձնէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։ Տիկին Կանտի Շասթրիի

Հ.Յ.Դ. 75ամեակը աննախընթաց շուքով տօնուեցաւ Սիտնիի Հայ Մշակութայինի սրահին մէջ: Ներկաներուն մեծ մասը նոր սերունդին կը պատկանէր, եկած էր յայտնելու իր յարգանքը մեր ազգային մեծ կուսակցութեան հանդէպ եւ հաստատելու, թէ պատրաստ է միշտ հետեւելու այն ուղիին, ուրկէ քալեցին մեր անմահ հերոսները՝ ջան ֆետայիները: Ամէն հանդիսական, սրահէն ներս

Նախագահ Ճոնսըն Չորեքշաբթի իրիկուն Քոնկրէսին ներկայացուց զեկուցում մը միութեան վիճակի մասին: Այս զեկուցման մէջ կան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.- 1) Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց ճիգերը՝ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար Վիեթնամի մէջ, բայց այդ երկրէն պիտի չհեռանան, մինչեւ որ

- 16 Դեկտեմբերի երեկոյեան, անդամներու եւ համակիրներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր Հալէպի Համազգայինի «Մարտիկեան» սրահը: Միութիւնը բացումը կը կատարէր ձմրան եղանակի իր դասախօսական, գեղարուեստական, ընկերային ձեռնարկներու շարքին: Միութեան նախագահ Պարգեւ Միսիրեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան նախագահ հայր Մեսրոպ