50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հ.Յ.Դ. 75ամեակը աննախընթաց շուքով տօնուեցաւ Սիտնիի Հայ Մշակութայինի սրահին մէջ: Ներկաներուն մեծ մասը նոր սերունդին կը պատկանէր, եկած էր յայտնելու իր յարգանքը մեր ազգային մեծ կուսակցութեան հանդէպ եւ հաստատելու, թէ պատրաստ է միշտ հետեւելու այն ուղիին, ուրկէ քալեցին մեր անմահ հերոսները՝ ջան ֆետայիները: Ամէն հանդիսական, սրահէն ներս մտած պահուն, հպարտօրէն կը դիտէ մեր պաշտելի եռագոյնը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը պարզուէր աւստրալիական հողին վրայ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի արիները կը դիմաւորեն եկողները: Պետական եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներով կը սկսի տօնակատարութիւնը: Որոտընդոստ ծափերով բեմ կը բարձրանայ Հ. Աւագեան եւ իր բացման խօսքին մէջ կը շեշտէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան դերը՝ անցեալին եւ ներկայիս: Հ. Աւագեան կþընդգծէ. «Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը տէր կանգնեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ իր քաջարի հայդուկներով պատուհաս դարձաւ թուրքին: Ոչ միայն մեր հայրենիքի անկախութիւնը իրականացուց քաղաքական գետնի վրայ, այլեւ, յեղափոխական կուսակցութիւն մը ըլլալով, հոգեփոխեց նաեւ հայ անհատը, թօթափել տուաւ ստրկութեան շղթաները եւ ներշնչեց այն գաղափարը, թէ հայը պէտք է ազատ ապրի, քանի որ ազատութեան գաղափարը հայու նկարագրի անբաժան մէկ մասը եղած է դարեր շարունակ»: Հ. Աւագեան 20րդ դարը անկախութեան դար նկատելով՝ յոյս յայտնեց, թէ մենք ալ օր մը պիտի ստանանք մեր անկախութիւնը, քանի որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը շարունակ կþաշխատի այս երազը իրականացնելու համար: Բացման խօսքէն ետք Յակոբ Քորթեան շատ ոգեւորիչ ձեւով հանդիսականներուն կարդաց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կոչը՝ 75ամեակի առթիւ, որ արժանացաւ որոտընդոստ ծափերու: Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ եղան մեներգներ եւ արտասանութիւններ: Հ.Յ. Դաշնակցութեան շունչէն ծնունդ առած քոյր միութիւններ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հ.Օ.Մ.ի եւ Հայ Մշակութայինի ուղերձները յաջորդաբար կարդացուեցան: Օրուան բանախօսն էր Ե. Հեքիմեան, որ յատկապէս Մելպուռնէն հրաւիրուած էր բանախօսելու: