- Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչականը լոյս ընծայած է ժողովածու մը, ուր կը գտնուին 13րդ ու 14րդ դարերու արաբ պատմաբաններ Եաքուտի, Ապտուլ Ֆիտայի եւ Իպն Շատտայի գրիչէն ելած գործեր՝ զորս հաւաքած ու թարգամանած է պատմաբան Յակոբ Նալպանտեան։ Արաբ աշխարհագիր Եաքուտ տեղեկութիւններ կուտայ Հայաստանի ու դրացի երկիրներու տնտեսական ու քաղաքական կացութեան մասին ու կը յիշէ բնակավայրերու անուններ։ Պատմաբան Ապտուլ Ֆիտա Կիլիկիոյ վրայ արաբական արշաւանքներու մասին կը խօսի, իսկ Իպն Շատտան երրորդ Խաչակրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու վրայ լոյս կը սփռէ։

- Հայաստանի Կոյրերու Կազմակերպութեան անդամներուն յատկացուած են աշխատանքներ, ուր անոնք կը պատրաստեն թուղթէ տոպրակներ, բանուորներու համար ձեռնոցներ, ձգախէժէ եւ կերպընկալէ զանազան իրեր՝ խոզանակներ, լուացքի պարան, անձեռոցներ, եւայլն։ Մասնագէտներ կը շինեն պայուսակներ, արկղներ ու զամբիւղներ։ Խմբագրական յատուկ մարմին մը լոյս կþընծայէ Պրալեան եղանակով մշակուած ու տարբեր բովանդակութեամբ գիրքեր։ Տարուէ տարի, կոյրերու գրադարանները կը հարստանան մասնագիտական ու գեղարուեստական գրականութեամբ։ Կը տպագրուին նաեւ դասագրքեր, դպրոցներու մէջ դաստիարակութիւն ստացող կոյր երեխաներու համար։ Հայաստանի կոյրերը ունին «Արձագանգ» անունով շաբաթաթերթ մը եւ «Գրական հանդէս» անունով ամսաթերթ մը։

- Երեւանի Երաժշտական երկրորդ դպրոցի ուսանողներէն 17 տարեկան ջութակահար Ռուբէն Ահարոնեան Մոսկուայի մէջ ջութակի մրցումի մը մասնակցելով երկրորդ մրցանակի տիրացած է։ Երեւանցի այս երիտասարդը իր տաղանդը ցոյց տուած է այդ մրցումի ընթացքին, որ կազմակերպուած էր համաձայն Չայքովսկիի երրորդ միջազգային յայտագրին։ Ռուբէն Ահարոնեանի յաճախած Երեւանի Երաժշտական  դպրոցը կը նկատուի «օժտեալ տղոց դպրոց»։