Նախագահ Ճոնսըն Չորեքշաբթի իրիկուն Քոնկրէսին ներկայացուց զեկուցում մը միութեան վիճակի մասին: Այս զեկուցման մէջ կան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հետեւեալ գլխաւոր կէտերը.- 1) Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իրենց ճիգերը՝ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար Վիեթնամի մէջ, բայց այդ երկրէն պիտի չհեռանան, մինչեւ որ նախայարձակումը չկասեցուի: 2) Օդանաւային ռմբակոծումներու քսանօրեայ դադարէն եւ բանակցութեան համար կատարուած բազմապիսի քայլերէ ետք ոչ մէկ պատասխան տրուեցաւ, թէ այդ ճիգերը ձախողութիւն մը կամ յաջողութիւն մը եղած են: 3) Միացեալ Նահանգները Ասիան պիտի չլքեն: 4) Միացեալ Նահանգները ըստ այնմ պիտի պատասխանեն, եթէ իրենց հակառակորդները նուազեցնեն ուժի գործածութիւնը, բայց հարաւային Վիեթնամէն պիտի քաշուին այն ատեն միայն, երբ իր ապագան ազատօրէն ընտրելու այդ երկրին իրաւունքը երաշխաւորուի: 5) Անկարելի է ապագան գուշակել: Անիկա կրնայ պարունակել դաժան եւ երկար կռիւներ, դժնդակ խորհրդաժողով մը կամ միաժամանակ կռիւներ ու խորհրդաժողով մը: 6) Չորս սկզբունք կ՛առաջնորդեն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը.- ա) Ուժ՝ յարգելու համար եղած յանձնառութիւնները, բ) Քանդումի արդիական զէնքերու հակակշիռը, նուազումը եւ ի վերջոյ քանդումը, գ) Օժանդակութիւն՝ ազգերու ընկերակցութեան զօրացման, ինչպէս՝ յառաջդիմութեան համար Զինակցութիւնը, Եւրոպան, Ատլանտեանի համայնքը, շրջանային կազմակերպութիւնները եւ Միացեալ Ազգերը, դ) Օժանդակութիւն՝ մարդու վիճակի բարելաւման օժանդակութեան լայն ծրագրով մը ի նպաստ այն երկիրներուն, որոնք իրենք իրենց կ՛օգնեն: 7) Ամերիկեան ուժը պիտի պահպանուի 58.300.000 տոլար պաշտպանութեան պիւտճէով մը: Յառաջիկայ հարկային տարուան ընթացքին Վիեթնամի համար 5.800 միլիոն տոլար աւելի պիտի ծախսուի: 8) Միացեալ Նահանգները թիկունք պիտի կանգնին իրենց ազգային անկախութիւնը պաշտպանելու ժողովուրդներու իրաւունքին: