- Ֆիքսի եւ Փանիոնիոսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկներն ու սկաուտները, Նոր Տարուան առթիւ հաւաքոյթ մը կազմակերպած էին, Յունուար 23ին, Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ։ Այս առթիւ, Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը նուիրած էր ընտիր կարկանդակ մը։ Ներկայ էին՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան եւ աւագ սկաուտ խմբապետ՝ եղբ. Լ. Գայեան։ Ֆիքսի

խմբակը կը վարէր եղբ. Խաչիկ Խաչատուրեան, իսկ Փանիոնիոսի խմբակը՝ եղբ. Օննիկ Կենդանեան։ Եղբ. Լ. Գայեանի օրուան պատշաճ խօսքերէն ետք, եղբ. Պրն. Սարգիսեան կտրեց աւանդական կարկանդակը՝ բաժին հանելով բոլոր ներկաներուն։

- Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը գովելի գաղափարը ունեցած էր գաթայի հաւաքոյթ մը կազմակերպելու Յունուար 25ին, ի պատիւ ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի մարզիկներուն եւ արտասահման մեկնող իր փոխ¬ատենապետին՝ եղբ. Խաչիկ Պատէլեանի։ Ներկայ էին հրաւիրուած մարզիկները, մարզիչը, Գոքինիոյ վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան, փոխ¬ատենապետ եղբ. Լ. Գայեան եւ խորհրդական՝ եղբ. Յ. Սվազլեան։ Ֆիքսի ատենապետ եղբ. Յակոբ Տէր-Յովակիմեան հաւաքոյթը բանալով՝ յիշեց եղբ. Խաչիկ Պատէլեանի գործունէութիւնը եւ բարի ճանապարհ մաղթեց անոր։ Այս առթիւ, Ֆիքսի վարչութիւնը եղբ. Խաչիկին նուիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոսկի նշանակը, զոր եղբ. Պ. Սարգիսեան զետեղեց եղբ. Պատէլեանի լամբակին։ Եղբ. Պատէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած պատիւին համար եւ խոստացաւ չմոռնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ յաջողութիւններ մաղթեց ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի խումբերուն։ Ըստ կարգի խօսք առին՝ Գոքինիոյ ներկայացուցիչը, եղբ. Խուլոյեան, եղբ. Աղապատեան, մարզիչը, եղբ. Լ. Գայեան եւ եղբ. Պ. Սարգիսեան։ Եղբ. Տէր-Յովակիմեանի հրաւէրով՝ եղբ. Սարգիսեան կտրեց կարկանդակը եւ բաժին հանեց՝ Ֆիքսի, Գոքինիոյ Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղերուն, Շրջ. վարչութեան եւ Սփիւռքի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոններու բոլոր մարզիկներուն։