Հայաստանի մէջ կառուցուած երկաթուղիները կը հանդիսանան Ռուսիոյ երկաթուղիներուն անմիջական շարունակութիւնը եւ անոնց անբաժան մասը։ 1865-1909ին Անդրկովկասի մէջ կառուցուած է 1729 վերստ երկաթուղի։ Մէկ վերստը 1067 քիլոմեթր է։ Այս երկաթուղագիծերուն հաստատումը կը հետապնդէր ռազմական ու տնտեսական նպատակներ։ Արդարեւ, Ռուսիա առաւելագոյն
չափով կը տիրանար Անդրկովկասի բնական անսպառ հարստութիւններուն։ 1925-26ին հաստատուեցան Լենինական¬Արթիկ¬Մայմունջուղ եւ Անի¬Անիպեզմա, 1932ին՝ Մինջեւան¬Ղափան, իսկ 1960ին՝ Երեւան¬Սեւան երկաթուղագիծերը։ Կարեւոր իրադարձութիւն մը եղաւ Ջուլֆա¬Մինջեւան 126 քիլոմեթր երկաթուղագիծին շինութիւնը, որուն միջոցաւ Հայաստան ունեցաւ երկրորդ դուռ մը։ Երեւան¬Ջուլֆա¬Պաքու¬Նաթլուղի¬Լենինական¬Երեւան երկաթուղագիծին 211 քիլոմեթրով աւելի կարճ է։ 1953-1963ին ելեկտրականացուեցան Թիֆլիս¬Լենինական, Երեւան¬Սեւան եւ Երեւան¬Մասիս գիծերը։ Ներկայիս Աշխատանքներ կը կատարուին ելեկտրականացնելու համար նաեւ Մասիսէն Լենինական երկարող բաժինը։ Վերջանալու վրայ են նոյնպէս Հոկտեմբերեան¬Արաքս գիծին ելեկտրականացման աշխատանքները։ Առընթեր շինուած են նոր կայարաններ, շէնքեր, մեքենականացուած են վակոններու բեռնաթափման եւ բարձման, շարժական մասին եւ նորոգման բաժիններուն աշխատանքները։ Յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի երկաթուղային ցանցը աւելի պիտի զարգանայ։ Կը նախատեսուի հաստատել գիծ մը Սեւան¬Շուրժայի միջեւ։ Այս գիծը պիտի անցնի Սեւանայ լիճին հիւսիս¬արեւելեան ափերէն, ուր կլիման բարենպաստ է։ Մտածուած է նոյնպէս շինել գիծ մը Հրազդանէն մինչեւ Հանքաւան (Միսխանայ) եւ գիծ մըն ալ Աղստաֆէն Իջեւան։ Վերջերս, Ղափանի մէջ գումարուած համագումարի մը ընթացքին, որոշուած է կառուցանել երկաթուղագիծ մը՝ Ղափան¬Քաջարան¬Ազսրակ եւ Մուսալամ¬Դաստակերտ։ Դեռ վերջնապէս չեն որոշուած Երեւան¬Աղստաֆա երկաթուղագիծին շինութեան մանրամասնութիւնները։