- Նախագահ Ճոնսըն Հնդկաստանի վարչապետ տիկին Ինտիր Կանտին հրաւիրեց մօտ ատենէն Ուաշինկթըն այցելել, երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն շուրջ խօսակցելու համար։ Տիկին Կանտի պատասխանեց՝ թէ հրաւէրը կþընդունի, բայց, չի կրնար այցելութեան թուական որոշել։ Միւս կողմէ, Էսոշիէյթըտ Փրէս գործակալութիւնը կը հաղորդէ՝ թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մօտ ատենէն մեծ յարձակում պիտի գործեն կառավարութեան դէմ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Գոնկրէսի կուսակցութիւնը, 355 քուէով Հնդկաստանի վարչապետ ընտրեց տիկին Ինտիրա Կանտին։ Իր մրցակիը՝ պրն. Մորաճի Տեսայի ստացաւ 169 քուէ։ Հնդկական Սահմանադրութեան համաձայն, Հանրապետութեան նախագահ պրն. Ռատաքրիշնա տիկին Կանտին իր մօտ պիտի հրաւիրէ եւ անոր պիտի յանձնէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։ Տիկին Կանտի Շասթրիի կառավարութեան մէջ տեղեկատուութեանց նախարար էր։ Կառավարական Գոնկրէսի կուսակցութեան պետ ընտրուելէ ետք տիկին Կանտի լրագրողներուն խօսելով ըսաւ՝ թէ իրեն համար գլխաւոր հարցը ժողովուրդի սննդառութեան հարցն է։ Շեշտեց՝ թէ պիտի շարունակէ իր հօրը՝ Նեհրուի եւ Լալ Պահատուր Շասթրիի քաղաքականութիւնը, բայց աւելի մեծ թափով։ Տիկին Կանտի ի վերջոյ ըսաւ թէ՝ 1. Թաշկենտի համաձայնութիւնը առաջին քայլն է դէպի խաղաղութիւն։ 2. Չինեւհնդիկ վէճի կարգադրման համար դաշնագրեր գոյութիւն չունին։ 3. «Խաղաղութեան ամերիկեան արշաւը» իբրեւ քայլ, պէտք է ընդունուէր երկու կողմերէն։ 4. Արտաքին որեւէ օժանդակութիւն կþընդունի, բայց, Հնդկաստան պէտք է ջանայ ինքնաբաւ ըլլալ։ 5. Նախագահ Ճոնսընի հետ համաձայնելէ ետք պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, ուր արդէն պիտի երթար հանգուցեալ վարչապետ Շասթրի։ Շասթրիի մահէն ետք առժամաբար վարչապետութիւնը ստանձնած պրն. Լալ Նանտա ներկայացուց իր հրաժարականը։