Եթէ Պաքու ճանչնայ հիւսիսային Կիպրոսը, 15 այլ երկիրներ պիտի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը
«Ատրպէյճան կը գիտակցի Թուրքիոյ համար կիպրական հարցին կարեւորութեան, բայց մտահոգ է Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը ճանչնալու հետեւանքներէն, որոնք կրնան ծագիլ ներքին ճակատին վրայ», ըսաւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետ Ալի Հասանով՝ Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
«Թուրքերը թող չկարծեն, որ հարցը նուազ կարեւոր է մեզի համար: Թրքական իշխանութիւնները լաւ կը գիտակցին, որ եթէ Ազրպէյճան ճանչնայ Հիւսիսային Կիպրոսի անկախ պետութիւնը, 15 այլ պետութիւններ պիտի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը», մտահոգութիւն յայտնեց Հասանով՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա իրաւունք ունի Ատրպէյճանէն ճանաչում ակնկալելու, սակայն Ղարաբաղի հարցը արգելք կը հանդիսանայ ատրպէյճանցիներուն՝ ճանչնալու Հիւսիսային Կիպրոսի անկախութիւնը:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ Ատրպէյճանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ մինչեւ 2001 ան կը կարծէր, թէ Ղարաբաղի խնդիրը ժամանակի հարց է եւ թէ ժամանակը ի նպաստ Ատրպէյճանին է: «Սակայն այսօր այլ կարծիքի եմ: Ժամանակի ընթացքին խնդիրը խորացած է: Ժամանակը միայն տնտեսական իմաստով ի նպաստ մեզի է, մինչդեռ քաղաքական իմաստով՝ ի վնաս մեզի», ըսաւ Հասանով:
Հասանով նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ այցեգիրերու դրութեան վերացման եւ բնական կազի վաճառման: Ան ըսաւ, թէ Ատրպէյճան թեքնիք պատճառներով տակաւին պատրաստ չէ ջնջելու այցեգիրերու դրութիւնը Թուրքիոյ հետ: Ան նաեւ հերքեց այն տեղեկութիւնները, որոնց հիման վրայ Ատրպէյճան բնական կազի հարցով աւելի բարեացակամ կը գտնուի Ռուսիոյ նկատմամբ, քան Թուրքիոյ՝ վստահեցնելով, որ Պաքու պատրաստ է Անգարային տալու անոր պահանջած քանակը, սակայն պատրաստ չէ զեղչեր կատարելու: