Ատրպէյճանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Արազ Ազիմով աւստրիական Der Standard պարբերականի հետ զրոյցին ըսած է, թէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը դեռ որեւէ յաջողութեան չէ հասած:
«Փոխ զիջումային լուծումը, որուն հնարաւոր է թէ կÿ երթայ Ատրպէյճանը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործով, չÿենթադրեր որեւէ տարածքի վերադարձ Հայաստանին: Փոխ զիջում կրնայ ըլլալ երկու համայնքներու համատեղ գոյակցութիւնը»,-ըսած է ան:
Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական 1news.az կայքը, Ազիմով աւելցուցած է, որ հակառակ այն հանգամանքին, որ Ատրպէյճան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման կողմնակիցն է, այնուհանդերձ, կ'ամրապնդէ իր ռազմական ներուժը: Ան ըսած է, թէ Ատրպէյճան, օգտագործելով քաղաքական բոլոր միջոցները, կը ձգտի վերականգնել իր տարածքային ամբողջականութիւնը՝ միջազգային իրաւական սկզբունքներու հիման վրայ:
Ատրպէյճանի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ հակամարտութեան ձգձգումը կրնայ անբարենպաստ հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի համար, այլեւ ողջ Եւրոպայի համար: