Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. կաթողիկոս նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին,

մէկ կողմէ գնահատելով կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հողերու վերադարձին գծով Միացեալ Նահանգներու յիշեցումը Թուրքիոյ պետութեան, իսկ միւս կողմէ յիշեցնելով, թէ հայ ժողովուրդին կապուած ազգապատկան ու եկեղեցապատկան բազմաթիւ  կալուածներ գոյութիւն  ունին Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ, եւ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր այդ ուղղութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը արձանագրած է թէ «Քանի մը օրեր առաջ վերադարձանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին տուած Մեր հովուապետական այցելութենէն:
Արդարեւ, գաղութի կազմակերպութիւններուն հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ հանդիպման ընթացքին իրազեկ դարձանք ձեր 14 Սեպտեմբեր 2011 թուակիր նամակին, որով կը վերահաստատէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց առնչութեամբ, միաժամանակ յայտնելով ձեր կառավարութեան «յանձնառութիւնը՝ թրքական իշխանութիւններուն հետ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ հետապնդելու Թուրքիոյ կողմէ նախօրօք բռնագրաւուած կրօնական փոքրամասնութիւններու ինչքերուն վերադարձի հարցը»: Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ բռնի կերպով արմատախիլ եղած է իր դարաւոր նստավայրէն, կը մնայ օրինական սեփականատէրը եւ հոգեւոր իշխանութիւնը Թուրքիոյ տարածքին հայկական հողամասերու վրայ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու, վանքերու, հիւանդանոցներու, բուժ-կեդրոններու, դպրոցներու, որբանոցներու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ այլ հոգեւոր կեդրոններու ու կալուածներու: Յիշեալ կալուածները, ինչպէս նաեւ անհամար շարժուն կալուածներ, որոնց շարքին նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային գանձեր, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի կերպով բռնագրաւուած էին հայ եկեղեցիէն՝ 1890-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ջարդերու ողբերգական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական կեդրոններու բռնագրաւումն ու սրբապղծութիւնը փաստագրուած են կառավարութիւններու, եկեղեցիներու եւ ակադեմական կեդրոններու կողմէ՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին,  ներառեալ, կը հաւատանք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հսկայածաւալ արխիւներուն մէջ»: