Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական եւ իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Եալչըն Աթտողանը վերջերս կատարուած ձերբակալութիւններու մասին, Zaman-ի լրագրողին յայտնած է թէ քրտական PKK-ի քաղաքական կառոյցի գործով ձերբակալութիւնները՝ որոնց շարքին փրոֆ. Էրսանլըն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր հրատարակած Ռակըպ Զարաքօլուն,
ահաբեկչութեան դէմ 30-ամեայ պայքարի ամէնակարեւոր քայլն էին։ «KCK-ը ահաբեկչական կառոյցի մէկ նոր աստիճան է։ Այն զարգացած է PKK-էն անկախ, սակայն կ'ենթարկուի PKK-ի առաջնորդ Մուրատ Քարայըլանին»,- ըսած է Էրտողանի խորհրդականը։
Զարաքօլուն ազատ արձակելու կոչեր
Գերմանիոյ Փոթտամ քաղաքի համալսարանին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը մասնակիցները քննադատած են թրքական իշխանութիւններուն կողմէ մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի ձերբակալութիւնը, եւ անոր անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող նամակ մը ուղարկած են Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանին: