ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, դիտել տուած է թէ պէտք է ճիշդ ձեւով ընկալել Էրտողանի խօսքերը:
«Ան այնպիսի ձեւով ներողութիւն խնդրեց, որ «աւելի լաւ է չասէր» ըսաւ Մանոյեան:
«Այնպես ներկայացրեց Էրտողանը, որ կարծէք, ինչ-որ մի կուսակցութիւնը մենակ ելավ, պետութեան կամքին հակառակ ինչ-որ սպանդներ գործեց եւ ուրեմն այդ կուսակցութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ», յստակացուց ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
Կիրօ Մանոյեանն աւելցուց, թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան, այնպես ալ Տերսիմի դէպքերու համար պատասխանատու է թրքական պետութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Էրտողանի խօսքերուն, թէ իր ձեռքի տակ կան փաստաթուղթեր, որոնք պիտի հրապարակուին, Մանոյեան ըսաւ, թէ պատմութեան էջերը բանալու քայլ կարելի է համարել այսպիսի յայտարարութիւն, սակայն ոչ ամպայման խնդիրները լուծելու իմաստով:
«Բոլոր փաստաթուղթերը պարզ է, որ ցոյց են տալու, որ դա պետական գործողութիւն էր, եւ կարեւորը Էրտողանի յայտարարութեան մէջ այն էր, որ ինքը փորձեց պետութեան վրայից այդ մեղքը հանել եւ բարդել մէկ կուսակցութեան վրայ» ըսաւ Կ. Մանոյեան:
Հայաստանի քրտական համայնքը չի հաւատար Էրտողանի խօսքերուն
Հայաստանի քրտական համայնքի խորհուրդի նախագահ Կնիազ Հասանովը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ իրենց համայնքէն ներս յոռետեսական տրամադրութիւն կայ. բացարձակապէս ոգեւորութիւն չկայ, չեն հաւատար Էրտողանի խօսքերուն, ոչ ալ յուսադրող որեւէ բան կը տեսնեն: Հասանովը ըսաւ թէ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի մասին խօսելու ընթացքին, միաժամանակ ռազմական գործողութիւններ տեղի կÿունենան:
Ան դիտել տուաւ թէ թրքական քաղաքականութեան ամէնէն աշխուժ եւ շարժիչ ուժ հանդիսացող անձերէն մէկը նոյնինքն Էրտողանն է այսօր, իր դերասանութեամբ: «Մի կողմից քրտերի նկատմամբ ցեղասպանութիւն է կատարում ինքը, միւս կողմից Տերսիմի քրտերի նկատմամբ կատարուող այդ ցեղասպանութեան մասին է յիշատակում, եւ իբր թէ ներողութիւն է խնդրում: Մենք թուրքական իշխանութիւնների քաղաքականութեանը լաւ ծանօթ ենք», - ըսաւ Հասանովը:
Հայ վերլուծաբաններ եւս անդրադարձած են Թուրքիոյ վարչապետի յայտարարու- թեան, գնահատելով թէ ներողութեան յայտարարութիւնը ուղղուած էր ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան: Մասնագէտներու կարծիքով, Հայաստանի մէջ նաեւ պէտք չէ ոգեւորուիլ այս յայտարարութեամբ, նկատի առած թէ վերջին անգամ Էրտողանը դարձեալ յիշատակած էր այս թեման, 2009ի նախընտրական շրջանի ընթացքին: