Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ  Էրտողան, Թուրքիոյ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1937-1938ին Տերսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար պաշտօնապէս ներում հայցած է։


Էրտողան իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23ին կայացած ժողովին ընթացքին, Տերսիմի կոտորածներու մասին վկայող փաստաթուղթեր ցոյց տալով՝ յայտարարած է. «Եթէ հարկ է Տերսիմի կոտորածին համար պետութեան անունով ներում հայցել, ապա ես ներում կը հայցեմ»։
«Ձեռքիս մէջ եղող փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 1936ին, 1937ին, 1938ին եւ 1939ին, Տերսիմի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն զոհ գացած է 13,806 մարդ», ըսած է Էրտողան։
Անդրադառնալով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այն յայտարարութեան, թէ Էրտողանի եւ հայկական Սփիւռքին միջեւ մտայնութեան նմանութիւններ գոյութիւն ունին՝ Էրտողան ըսած է. «Դուն զիս հայկական Սփիւռքի հետ նոյն հարթութեան վրայ կը դնես։ Կը ցաւիմ քեզի համար։ Սակայն ես՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանս, կը զգուշացնեմ քեզ. չա՛փդ գիտցիր»։
Էրտողան նաեւ Քըլըչտարօղլուին կոչ ըրած է իր կուսակցութեան անունով ներողութիւն                 խնդրելու Տերսիմի կոտորածներուն համար, նկատի ունենալով, որ Աթաթուրքին հիմնած այդ կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ էր կոտորածներու օրերուն:
Քըլըչտարօղլու յայտարարած էր, որ Էրտողան Տերսիմի դէպքերը կը շահագործէ եւ այդ ձեւով կ՛ուզէ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի ձգած ժառանգութեան հետ հաշուեյարդար տեսնել։  «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը շահագործէ Տերսիմի դէպքերը։ Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան կը մտածէ այնպէս, ինչպէս հայկական Սփիւռքը։ Շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային մեր ազգին պարտադրէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները», ըսած էր Քըլըչտարօղլու։


Եթէ 1938-ը Ցեղասպանութիւն է, ապա 1915-ը առաւել եւս
Ցեղասպանութիւն է

Տերսիմի դէպքերու բացայայտումը կրնայ  դառնալ այն դարպասը, որու միջոցաւ ստիպուած պիտի անցնի ժամանակակից Թուրքիան , որպէսզի առերեսուի  իր 1915-23թուականի  պատմութեան հետ:
Պատմութիւնը պիտի բացայայտէ, որ հայերը երկու անգամ Ցեղասպանութեան ենթարկուած են, մէկ անգամ 1.5 միլիոնը որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, մէկ անգամ ալ՝ որպէս վե-րապրած եւ  իսլամ դարձած  հազարաւոր ընտանիքներով:
2010ին Նոյեմբեր 24-ին Պեռլինի մէջ  կայացած եւ Տերսիմի դէպքերուն նուիրուած խորհրդա-ժողին, որոշում կայացած էր 1937-38 դէպքերը որպէս Ցեղասպանութեան  փաստ  ներկայացնել միջազգային դատարան:
Նոյն պահուն Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս եւս արմատներով տերսիմցի պատգամաւորները կը բարձրացնէին  խորհրդարանական յատուկ  յանձնաժողովի կազմութեան հարցը քննե-լու համար 1937-38թուականներու դէպքերը:
Սակայն խորհրդարանէն դուրս եւս ձայներ կը հնչեն, յիշեցնելով որ եթէ Տերսիմի դէպքերուն համար յանձնաժողով պիտի ստեղծուի, ուրեմն առաւել եւս 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար ալ խորհրդարանի յանձնաժողովի կարիքը պիտի զգացուի: Վեր-ջերս այս հարցի մասին արտայայտուած էր նաեւ թուրք ծանօթ լրագրող Մեհմետ Ալի Պիրանտը: