ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻՆ

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ հազարաւորներ հաւաքուած Էին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ՝ նշելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան 5-րդ տարելիցը: Տինքի ընտանիքը, բարեկամներն ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները Տինքի սպանութեան վայրին վրայ կարմիր ծաղկեպսակներ զետեղեցին:

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ԱՆԳԱՐԱ, «Պլումպըրկ», «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Երէկ, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային Ներում  կազմակերպութիւնը քննա-դատեց մէկ օր առաջ Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանին կողմէ «Ակօս»ի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի հարցով այն վճիռը, ըստ որուն՝ ամբաստանեալները «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան» անդամ  չնկատուեցան: Կազմակերպութիւնը շեշտեց, թէ դատավարութեան ընթացքին անտեսուած է ոճիրին մէջ պետութեան դերակատարութիւնը:

Դատարանը 2007ի Յունուար 19ին Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ ահաբեկուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Տինքի սպանութեան գործով՝ 25րդ նիստէն ետք վճռեց ցմահ բանտարկութեան դատապարտել Եասին Հայալը

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ թէ Ֆրանսայի թրքական ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդը, Յունուար 3ին, իր նախագահին՝ Ռամազան Այտընի ստորագրութիւնը կրող նամակ մը ղրկած է Ֆրանսայի բոլոր ծերակուտականներուն:

Թուրքիոյ մէջ «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու, իր փաստաբան Սեննուր Պայպուայի միջոցով Թուրքիոյ խորհրդարանին յղած է խնդրագիր մը, ուր կոչ կ՛ուղղէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող ձուլումի ու տեղահանութեան արարքները: Այս խնդրագիրը հրատարակած է թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը: