«Շարք Ասուաթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով լոյս ընծայեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ Կիւլ այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի, թուրք-ֆրանսական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցերուն:


Անդրադառնալով օրինագիծի որդեգրման հարցին‘ Կիւլ յայտնեց, որ «մենք Ֆրանսան կը ճանչնանք իբրեւ մտքի, գրական եւ այլ ազատութեանց հայրենիք, սակայն ներ- կայիս տեղի ունեցող կասկածելի քայլերը պատճառ պիտի դառնան, որ ֆրանսական պետական կեցուածքէն դուրս եկող ոեւէ անձ պատժուի, նոյնիսկ եթէ գիտնական կամ պատմաբան է, ինչ որ օգտակար չէ:
«Մեր երկրին մէջ կրնան պետութեան համոզումներուն կամ իմ անձնական համոզումներուս հակասող գաղափարներ եւ սկզբունքներ ըլլալ, սակայն մենք այդ կեցուածքին հետ յարգանքով կը վարուինք, նոյնիսկ եթէ մեր մտածածին կը հակասէ: Սակայն Ֆրանսայի մէջ ատիկա արգիլուած պիտի ըլլայ: Հայերը կ՛ըսեն, որ թուրքերը 1915-ին հայ ըլլալնուն համար զիրենք ցեղասպանութեան ենթարկեցին, իսկ մենք կ՛ըսենք, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ, այլ‘ պատմական իրադարձութիւններ: Այդ ժամակաշրջանին պատահեցան դէպքեր, երբ թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Ռուսիոյ եւ այլոց դէմ 7 ճակատներու վրայ կը պատերազմէր: Ռուսական ուժերը հայերուն մէկ մասը գրգռեցին ընդհանուր ապահովութիւնը խախտող արարքներ կատարելու եւ անոնք վնասազերծուեցան, սակայն ոչ ցեղասպանութեան ճամբով: Յամենայն դէպս, իսլամ թուրքերը, ինչպէս նաեւ հայերը ցաւեր ապրեցան, սակայն թուրքերը Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն տակ ուրիշներէ աւելի տառապեցան:
«Եւրոպական մայրաքաղաքներէն շատեր իսլամական քաղաքներ էին, իսլամները այդ հանգրուանին շատ տառապեցան եւ պատերազմներուն պատճառով աւելի քան 500 հազար իսլամներ գաղթական դարձան: Պալքանեան երկիրներուն մէջ 3 միլիոն զոհ արձանագրուեցաւ եւ նոյնքան մարդ գաղթեց, նոյնպէս ալ Կովկասի ճակատին վրայ: Այդ իսլամները ո՞ւր են հիմա: Մենք մեր զաւակներուն, նոր սերունդներուն Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած երկիրներուն մէջ պատահածին առնչութեամբ ատելութեան եւ ժխտական զգացումներ չենք սորվեցներ: Անոնց բռնութեան սկզբունք, վրէժխնդրութիւն եւ ատելութիւն չենք սորվեցներ:
«Հայերուն անկեղծ կերպով կ՛ըսենք, որ եթէ կ՛ուզեն, միացեալ յանձնախումբ մը կազմենք, մեր արխիւները ամբողջովին բանանք եւ ընդունինք տեղի ունենալիք պատմական հետաքննութեանց արդիւնքները:
«Մեր բոլոր թղթածրարները եւ արխիւները բացինք, ուստի ոեւէ հայ, արաբ կամ այլ անձ կրնայ տեսնել զանոնք, ներառեալ գոյութիւն ունեցող զինուորական թղթածրարները»:
Կիւլ յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսա Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնէ, այդ մէկը երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: «Մեր տարբեր մարզերու յարաբերութիւնները պիտի ազդուին», ըսաւ ան: