ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Պատասխանելով թրքական արբանեակային հեռատե-սիլի վրայ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հարցազրոյց ունենալու հրաւէրին՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական  բաժանմունքը մերժեց  ընդառաջել  հրաւէրին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Շաբաթ, Մարտ 3ի երեկոյեան այցելեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի, հոգեւոր դասուն ու պատրիարքարան հրաւիրուած համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ։ Նոյն օր նախարարը այցելութիւն տուած էր նաեւ յունական պատրիարքարան:

Իսրայէլեան ռուսալեզու «Izus.co.il» կայքէջը, վկայակոչելով իսրայէլեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան Իսրայէլէն 1.4 միլիառ տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութիւն պիտի գնէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ  ունեցած ելոյթին ընթացքին, Եւրոմիութեան համար Թուրքիան բնութագրած է  իբրեւ «մարտահրաւէր»:

Աւելի քան 10 հազար թուրքեր «ըստ ազրպէյճանցիներու հարիւրաւոր զոհ պատճառած տխրահռչակ յարձակումի մը» տարելիցը նշելու համար հաւաք մը կատարած են: