2011ի Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի
Սեւակ Պալըքճըի յանցագործը
դարձեալ ազատ է


ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Նիուզ».- Զինուորական պարտականութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը շարունակուեցաւ, սակայն ատեանը անգամ մը եւս մերժեց մարդասպանը ձերբակալեալ վիճակի մէջ դատելու դիմումը:

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փետրուար 13ին պատասխանած է Թեհրանի կողմէ Իրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին յանձնուած այն բողոքագիրին, ուր Իրան Պաքուն մեղադրած էր իրանցի հիւլէական ուժանիւթի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով:

ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ատրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ բացայայտ կերպով հայերուն կ՛աջակցի։

ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Էն.Էն.», «Մարմարա».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, Թուրքիոյ կիսապաշտօնական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ իշխանութիւնները ձերբակալութեան վճիռ արձակած են երկրի ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ «Միթ»ի նախորդ պետին՝ Էմրէ Թաների, անոր  օգնականին եւ երկու այլ պաշտօնատարներու դէմ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոնց կապերուն պատճառով:

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Փետրուար 8-13  պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: