Դատարանը 2007ի Յունուար 19ին Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ ահաբեկուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Տինքի սպանութեան գործով՝ 25րդ նիստէն ետք վճռեց ցմահ բանտարկութեան դատապարտել Եասին Հայալը

Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան հերթական նիստը երէկ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, դատարանը վճիռ արձակեց, հակառակ վերջերս բացայայտուած եւ ոստիկանութեան ու ամբաստանեալներուն միջեւ կապերը հաստատող նոր փաստերը եւս քննելու Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն կոչերուն:
Դատարանը 2007ի Յունուար 19ին Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ ահաբեկուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ  Տինքի սպանութեան գործով՝ 25րդ նիստէն ետք վճռեց ցմահ բանտարկութեան դատապարտել Եասին Հայալը, ոճիրը կազմակերպելուն համար: Սակայն, ատեանը որոշեց անպարտ հռչակել նոյն յանցանքով ամբաստանուող Էրհան Թունճելը, որ նախապէս 10.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Տրապիզոնի մէջ «McDonalds-ճաշարանի մը վրայ յարձակելուն համար:
Դատարանը նաեւ վճռեց, թէ Տինքի սպանութիւնը «որեւէ կազմակերպութեան գործը չէ»:
Դատավճիռին հրապարակումէն ետք, Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յայտարարեց, թէ Տինքի սպանութեան հարցին հետապնդումը պիտի շարունակուի՝ իր դժգոհութիւնը արտայայտելով դատավճիռին նկատմամբ: Չեթին որոշած է դատավճիռը վիճարկել Վճռաբեկ դատարանին մէջ:
«Հրանդի ընկերները» կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Այս որոշումը թրքական պետութեան որոշումն է: Ապահովական մարմիններու, հետախուզութեան, դատարանի, մամուլի, կառավարութեան, ընդդիմութեան հետ միասին, 5 տարի առաջ Հրանդը մեր մէջէն վերցնելու որոշում տուած իշխանութիւնը, նման խայտառակ վճիռ արձակեց, իր հսկողութեան տակ գտնուող արդարադատութեան սրահին մէջ»:
Յիշեցնենք, թէ վաղը Յունուար 19ին՝ Տինքի սպանութեան 5րդ տարելիցին առիթով, նշեալ կազմակերպութիւնը քայլարշաւ մը կազմակերպած է Պոլսոյ կեդրոնական «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ:
Նախքան Երեքշաբթի օրուան դատական նիստը, դատարանի շէնքին առջեւ «Հրանդի ընկերները» ցոյց մը կատարեցին՝ պահանջելով իսկական պատասխանատուներուն բացայայտումը:
CnnTurk-ը անդրադարձ կատարած է  Տինքի փաստաբաններուն կողմէ դիտել տրուած բացայայ-տումներուն: