Հետզհետէ կ'աճի Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած տասնեակ լրագրողներու հարցով ժողովրդային բողոքի ալիքը: Էրտողանի կառավարութեան դէմ բողոքի ձայները կը բազմապատկուին, ոչ միայն երկրի ներքին, այլ նաեւ արտաքին շրջանակներու կողմէ, որոնք դիտել կուտան, թէ Թուրքիոյ  մէջ մամլոյ ազատութիւնը լուրջ խոչընդոտներու կը բախի:


«Ահաբեկիչներ չենք» խորագրով լոյս տեսաւ Tutuklu Gazete («Բանտարկուած լրագիր») թերթը, որ լրագրողներու նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ, զօրակցութիւն յայտնելու համար բանտարկուած իրենց գործակիցներուն: Թերթին մէջ գրուած է, թէ լրագրողները նախ քան դատավարութիւնը ամիսներով բանտարկուած կը մնան, «կասկածելի գործունէութեան» որպէս հրահրիչներ,  կամ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզչութիւնը կատարող ուժեր» (որ ուղղակիօրէն ՓՔՔի կ'ակնարկուի):
Երկրի իշխանութիւնները կը հալածեն այն լրագրողները, որոնց մասին կը հաւատան թէ քիւրտերու հետ կապեր կը պահեն, կամ քայլեր կը ծրագրեն Էրտողանի կառավարութեան դէմ: