Ատրպէյճանի նախագահը իր ամանորեայ ուղերձին մէջ անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ ըսելով. «Մեզ ամէնէն աւելի կ՛անհանգստացնէ հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան չլուծուած ըլլալը: Ատրպէյճան միշտ, յատկապէս վերջին շրջանին, այս գծով ջանքերը կ՛աւելցնէ: Բայց ինչպէս գիտէք, այդ հարցին լուծումը միայն մեզմէ կախեալ չէ»:


Ալիեւ յայտնած է, թէ «Մենք երբեք չենք կրնար թոյլ տալ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ատրպէյճանական հողին վրայ ստեղծուի երկրորդ մտածածին հայկական պետութիւն: Ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է։ Մեր ռազմական հզօրութիւնը եւ ներուժը աճ կ՛արձանագրէ, մեր ռազմական ծախսերը 2011ին գերազանցած են 3 միլիառ տոլարը, ինչ որ Հայաստանի բոլոր ծախսերէն աւելի է: Յաջորդ տարի մեր ռազմական ծախսերը նոյնպէս պիտի աւելնան» ընդգծած է Ալիեւ: