- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այս ամսուան ընթացքին Ատրպէյճան պիտի այցելէ:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
«Շարք Ասուաթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով լոյս ընծայեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ Կիւլ այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի, թուրք-ֆրանսական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցերուն:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ատրպէյճանի նախագահը իր ամանորեայ ուղերձին մէջ անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ ըսելով. «Մեզ ամէնէն աւելի կ՛անհանգստացնէ հայ-ատրպէյճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան չլուծուած ըլլալը: Ատրպէյճան միշտ, յատկապէս վերջին շրջանին, այս գծով ջանքերը կ՛աւելցնէ: Բայց ինչպէս գիտէք, այդ հարցին լուծումը միայն մեզմէ կախեալ չէ»:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Հետզհետէ կ'աճի Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած տասնեակ լրագրողներու հարցով ժողովրդային բողոքի ալիքը: Էրտողանի կառավարութեան դէմ բողոքի ձայները կը բազմապատկուին, ոչ միայն երկրի ներքին, այլ նաեւ արտաքին շրջանակներու կողմէ, որոնք դիտել կուտան, թէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը լուրջ խոչընդոտներու կը բախի:
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, քրտական եւ յունական համայնքներու ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին յղած են նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած են անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 28ին թուրք-իրաքեան սահմանին վրայ տեղի ունեցած այն միջադէպին, որուն ընթացքին թրքական օդուժը 35 քիւրտ քաղաքայիններ սպաննած էր։