ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ Ֆրանսայի
Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումէն ետք Թուրքիոյ մէջ Փարիզի դէմ սկսած յարձակումներուն ակնարկելով՝ կոչ ըրած է իշխանութեանց եւ հանրութեան, որ լրջօրէն ուսումնասիրեն «1915ի իրադարձութիւնները»:

Թուրքիոյ Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է՝ դիտել տալով, որ երկու բողոք ունի. մէկը՝ Թուրքիոյ ժխտողական մտայնութեան դէմ, իսկ երկրորդը՝ հայ ժողովուրդին ցաւը շահագործող Ֆրանսային դէմ։

Թրքական թերթեր կը գրեն, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման առնչութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը, դժգոհութիւններու ճամբայ բացած է Թուրքիոյ պետական ու հասարակական շրջանակներուն մէջ։

Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց, ընդդէմ պատժելիութեան օրինագիծին: Ատրպէյճանցի ցուցարարները պարզած են հետեւեալ կարգախօսները՝ «Անկցի՛ հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը», «Անկցի՛ հայ-իրանեան բարեկամութիւնը», «Կեցցէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարեկամութիւնը»: Միջոցառումէն ետք, կազմակերպիչները դեսպանութեան փոխանցած են նամակ մը, ուղղուած Ֆրանսայի խորհրդարանին:

Թուրք մամուլը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան պատժելիութեան օրինագծի ընդունման հարցին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը դժգոհութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ պետական շրջանակներուն եւ ժողովրդական խաւերուն: