Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց, ընդդէմ պատժելիութեան օրինագիծին: Ատրպէյճանցի ցուցարարները պարզած են հետեւեալ կարգախօսները՝ «Անկցի՛ հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը», «Անկցի՛ հայ-իրանեան բարեկամութիւնը», «Կեցցէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարեկամութիւնը»: Միջոցառումէն ետք, կազմակերպիչները դեսպանութեան փոխանցած են նամակ մը, ուղղուած Ֆրանսայի խորհրդարանին:

Թուրքիա Կը Դատապարտէ,
Սակայն Կ՛որոշէ Պատժամիջոցները Յետագձել

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ օրինագիծին վաւերացումէն ետք առաջին հակադարձութիւնը եկաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, որ Երկուշաբթի, Յունուար 23ի գիշերը խիստ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ «անպատասխանատու արարք» որակեց այս որոշումը ու յայտարարեց, թէ Թուրքիա «անհրաժեշտ բոլոր պատժամիջոցներուն» պիտի դիմէ անմիջապէս, որպէսզի օրէնքը ուժի մէջ չմտնէ։
«Կը պախարակենք այս օրէնքը ու կը յայտարարենք, թէ ամէն գետնի վրայ մենք մեր հակազդեցութիւնը ցոյց պիտի տանք այսուհետեւ», ըսուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Վարչապետ Էրտողան Երեքշաբթի օր այս մասին ելոյթ մը ունեցաւ: Ան Երկուշաբթի գիշեր հինգ ժամուան հանդիպում մը ունեցաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներուն հետ, ու նիստի ընթացքին հետեւեցաւ Փարիզի զարգացումներուն։ Նիստին աւելի ուշ մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, որ ժողովականներուն յայտնած էր, թէ լաւատես չէ, որովհետեւ Ծերակոյտի նիստին կը մասնակցէին ընդհանրապէս օրէնքին կողմնակիցները:
Վարչապետ Էրտողան, որ ըսած էր, թէ «անգամ մը եւս Ֆրանսա պիտի չերթայ», եթէ օրէնքը վաւերացուի, աւելի յստակացուց իր այս խօսքը ու յայտնեց, թէ հաւանաբար Ֆրանսա պիտի չերթայ, եթէ Նիքոլա Սարքոզի նախագահ ընտրուի։ Նիստին ընթացքին քննուեցան Ֆրանսայի դէմ պատժամիջոցները եւ պահանջուեցաւ, որ այս պատժամիջոցները գործադրուին պետութեան անունով, այլ ոչ թէ՝ կառավարութեան։
Քուլիսներու ետին կը խօսուի այն պատժամիջոցներուն մասին, որոնք Ֆրանսայի դէմ պիտի գործադրուին։ Անոնք են՝
- Թուրքիա միջազգային իրաւական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ.
- Պատժամիջոցները առժամեայ պիտի չըլլան, այլ մնայուն պիտի ըլլան.
- Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յետ պիտի կանչուի աւելի երկար շրջանի մը համար.
- Ինչպէս Իսրայէլի հետ, նոյնպէս Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները պիտի նուազին ամէնէն ցած մակարդակի.
- Գործառնութեան աճուրդներէն ներս Ֆրանսական որեւէ հաստատութիւն պիտի չընդունուի.
- Թուրքիա Փարիզէն յետ պիտի կանչէ իր զինուորական կցորդը, եւ յետ պիտի ղրկուի Ֆրանսայի զինուորական կցորդը։
- Թուրքիոյ օդային սահմանները պիտի փակուին Ֆրանսական զինուորական սաւառնակներուն դէմ.
- Թուրքիոյ ծովատարածքը պիտի փակուի Ֆրանսայի զինուորական նաւերուն դէմ։
Սակայն, Էրտողան Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ պատժամիջոցները պիտի պարտադրուին որոշ ժամանակ սպասելէ ետք: «Մենք կը սպսենք տեսնելու, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ ամիսներուն, ապա պիտի ձեռնարկենք մեր պատասխան քայլերուն: Առկայ տագնապը պէտք չէ դառնայ լայնածաւալ տագնապ մը», յայտարարեց Էրտողան, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կայացած իշխող կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին: