ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ Ֆրանսայի
Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումէն ետք Թուրքիոյ մէջ Փարիզի դէմ սկսած յարձակումներուն ակնարկելով՝ կոչ ըրած է իշխանութեանց եւ հանրութեան, որ լրջօրէն ուսումնասիրեն «1915ի իրադարձութիւնները»:
«Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ որեւէ երկրի կողմէ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն համարուելէ ետք, թրքական կողմէն հնչող սպառնալիքները, դեսպաններու յետկանչը, ժամանակաւոր պատժամիջոցները, բարձրաձայն պոռալը ոչ մէկ արժէք եւ ազդեցութիւն ունին: Ցեղասպանութեան պնդումները դիմակայելու համար անհրաժեշտ է լաւ հասկնալ, թէ իրապէս ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915ին: Թրքական հասարակութեան մեծ մասը ծանօթ չէ այդ իրադարձութեանց: Եկէք մէկ կողմ ձգենք պաշտօնապէս հնչող վարկածները եւ խորապէս ուսումնասիրենք այդ իրադարձութիւնները: Նախքան առարկելը՝ անրաժեշտ է իմանալ ճշմարտութիւնը: Գրգռուած հասարակութեան աչքը ոչինչ կը տեսնէ», գրած է Պիրանտ:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ կը մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ հնարաւոր է, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի ամբողջ աշխարհին կողմէ ու պատիժներ սահմանուին Թուրքիոյ դէմ:
«Մինչեւ այսօր մենք միայն «ոչ» ըսած ենք, առանց գիտնալու, թէ իրապէս ի՛նչ տեղի ունեցած է այն ատեն: Մենք բաւարարուած ենք միայն պաշտօնական թեզով՝ չփորձելով ունենալ սեփական կարծիք: Իշխանութիւնները մինչեւ օրս «ոչ»էն այն կողմ չեն անցած: Միայն «ոչ» ըսելով, ահաւասի՛կ, այս օրին հասած ենք», ահազանգած է ան: